Home / Ա / Նիւթեր (page 22)

Ա / Նիւթեր

9 ՄԱՐԴԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

9 ՄԱՐԴԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Մարդը որպէս քաղաքական գործունէութեան ենթակայ Քաղաքականութեան մէջ մարդու դերի մասին, պատմութեան ընթացքին ձեւաւորուած են երկու ուղղութիւններ՝ ա.-Առաջին ուղղութիւնը քաղաքականութեան գործընթացը կապած է էլիտարի՝ ազնուախաւի հետ: բ.-Երկրորդ ուղղութիւնը նսեմացուցած է անհատի դերը քաղաքականութեան մէջ: Յամենայնդէպս, մեր թուարկութեան սկիզբները, մարդն անուանած են քաղաքական էակ, միջին դարերուն՝ կրօնական էակ, …

Read More »

8 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՌԵԺԻՄՆԵՐ [վարչաձեւեր-վարչակարգեր]

8 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՌԵԺԻՄՆԵՐ [վարչաձեւեր-վարչակարգեր] Քաղաքական վարչակարգի էութիւնը Քաղաքական վարչակարգը միջոցներու եւ մեթոտներու ամբողջութիւն է, որոնց օգնութեամբ կ՛իրականացուի քաղաքական եւ պետական իշխանութիւնը: Քաղաքական վարչակարգը կը ստեղծուի հասարակական եւ քաղաքական համակարգերու առկայութեամբ, որոշակի պայմաններու տակ, ինչպիսիք են՝ կառավարող քաղաքական վերնախաւի կողմէ առաջադրուած խնդիրները, նպատակներն ու անոնց իրագործման եղանակները, հասարակական ուժերու յարաբերակցութիւնը, երկրի …

Read More »

7 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

7 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Քաղաքական կուսակցութիւններ հասկացութիւնը Մարդկութեան յայտնի են դեռ ճորտատիրական կարգերու օրերուն, շահագործուած դասակարգերու որոշակի կազմակերպուածութեամբ մը տեղի ունեցած  յեղափոխական ելոյթները ընդդէմ ճորտատէրերուն: Կուսակցութիւն [party] անուանումը առաջացած է լատիներէն pars=մաս բառէն, զոր կը նշանակէ մասնագիտական այնպիսի խումբեր, որոնք կը պայքարին իրարու դէմ, իրենց խմբային շահերու պաշտպանութեան նպատակով, ինչպէս Ֆրանսայի …

Read More »

6 ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

6 ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ Քաղացիական հասարակութեան հասկացութիւնը Քաղաքացիական հասարակութիւնը սկսած է ձեւաւորուիլ դեռ համայնական հասարակարգի աշխատանքային բաժանման ժամանակաշրջաններէն, կենսապայմաններու ապահովման եւ հաւաքականութեան պաշտպանուածութեան նպատակներով: Միջին դարերուն ան ձեւակերպուած է միապետութիւններու դէմ ընկճուած դասակարգերու պայքարով: Ֆրանսական յեղափոխութենէն ետք, մեծ շրջադարձ կատարուած է Քաղաքացիական հասարակութեան եւ պետութիւններու փոխյարաբերութիւններուն միջեւ, առ …

Read More »

5 ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

5 ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ Պետութիւնը որպէս քաղաքական համակարգի հիմնական հաստատութիւն Պետութեան կոնցեպցիան [հասկացութիւնը] Պետութեան հասկացութեան, բովանդակութեան, պարտականութիւններու, խնդիրներու, ծագման դրդապատճառներու եւ զարգացման օրինաչափութիւններու հարցերը, ի սկզբանէ զբաղեցուցած են համայն մարդկութիւնը: Այսօրուան դրութեամբ, մարդկութիւնը հետաքրքրող հարցերը պետութեան զարգացման ուղղութիւնն ու ապագայի դրսեւորման հարցերն են: Պետութիւնը, ծնունդն է աշխատանքի հասարակական բաժանման, եւ մասնաւոր սեփականութեան …

Read More »

4 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐ

4 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐ Քաղաքական համակարգի հասկացութիւնը Համակարգ [system] կը նշանակէ՝ մէկը միւսի հետ սերտ առնչութիւն ունեցող մասեր, որ միասին կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն: մէ Քաղաքական համակարգ կը նշանակէ՝ քաղաքական գործընթացներ, միտումներ, ինստիտուտներ, անհատներ, հաւաքականութիւններ, կազմակերպութիւններ [քաղաքական կամ հասարակական], իրենց այն ակտիւութիւններով, որոնք որոշակի ազդեցութիւններ ունին քաղաքական ընթացքի վրայ: Քաղաքական առողջ …

Read More »

3 ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

3 ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Քաղաքական իշխանութիւն Իշխանութիւն [Ի] բառը յունարէնով arcke, կը նշանակէ կառավարել եւ սկսիլ: Լատիներէնով՝ potestas կը նշանակէ ուժ, կարողութիւն, հզօրութիւն: Անգլերէնով power ուժ կամ հզօրութիւն կամ authority հեղինակութիւն: Հայերէնով՝ իշխել, այսինքն՝ տիրել կամ տիրապետել: Նման թեթեւակի ստուգաբանումն ալ կը հաստատէ, որ Իշխանութիւնը բարդ եւ բազմաշերտ հասկացութիւն է, կախուած իշխանաւորներու …

Read More »

2 ՔԱՂԱՔԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

2 ՔԱՂԱՔԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ Websites that pay for articles Քաղաքագիտութեան ձեւաւորումը Քաղաքագիտութիւնը ձեւաւորուած ու զարգացած է շնորհիւ այլ գիտութիւններու առկայութեան յատկապէս՝ իմաստասիրութեան (ութոպիստական-երազային հայեցակարգերու առաջացման հետ), պետականագիտութեան, փորձարարական հոգեբանութեան եւ սոցիոլոգիայի՝ ընկերաբանութեան: Որոշ հեղինակներ կը պնդեն, որ քաղագիտութեան զարգացման օգնած են նաեւ գրականութեան եւ գեղարուեստի զարգացումները: Յամենայնդէպս, քաղաքագիտութիւնը որպէս ինքնուրոյն գիտութիւն, վերջնականապէս …

Read More »

1 ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ Քաղաքականութիւն  բառի հասկացութիւնը Քաղաքականութիւն [Ք] բառը ծագած է յունարէն politica [քաղաք- պետութիւն] բառի ածանց՝ politicos բառէն, որ կը նշանակէ՝ գիտութիւն քաղաք-երկրի քաղաքացիներու, հաւաքական կեանքի կազմակերպման եւ ղեկավարման մասին: Պղատոն Քաղաքականութիւնը համարած է մարդկանց համատեղ ապրելու արուեստ: Ամերիկեան աղբիւրները՝ ձգտում եւ հաստատում իշխանութեան: Մարքսը՝ դասակարգային տիրապետութեան հաստատում: Սովետական …

Read More »

ՆՈՒԱՐՍԱԿԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԸ

ՆՈՒԱՐՍԱԿԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԸ 484թ.-ին պարսիկները ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին Հեփթաղ ցեղերէն: Պարսկաստանի մէջ գահ բարձրացաւ Վաղարշը: Նոյն թուականի աշնան Հեր գաւառի Նուարսակ գիւղին մէջ հաշտութիւն կը կնքուի հայերուն եւ պարսիկներուն միջեւ: Այս պայմանագրին համաձայն պարսիկները կը հրաժարին հաւատափոխութեան մտքէն, քրիստոնէութիւնը լրիւ կը վերականգնէ իր դիրքերը, պաշտօններ կը յանձնուի ոչ թէ ուրացողներուն այլեւ …

Read More »