ԱՆՀԱՏԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ Այս բառը իր մէջ կը պարունակէ փիլիսոփայական եւ ընկերային երկու գաղափարներ, որոնք կը միանան շեշտելու համար անհատի գերակայութիւնը: Փիլիսոփայական գետնի վրայ անհատապաշտական վարդապետութիւնը բոլոր արժէքները կը ստորադասէ զուտ մարդկային արժէքին: Մարդն է տիեզերքի կեդրոնը՝ իր իմացութեան բանականութեամբ եւ տրամաբանութեամբ: Ամէն տեսակ կարելիութիւն եւ իրագործում արգասիքն է մարդ էակի իմացականութեան: …
Read More »ՅԵՏ – ՍՈԿՐԱՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ (12)
ՅԵՏ – ՍՈԿՐԱՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ (12) Աղեքսանդրի մահէն վերջ Յունաստանի համար կը սկսի երկար քաղաքական խառնակութեան շրջան մը: -Սիթէները իրարու դէմ կ'ելլեն. հակամակեդոնական շարժումներ յառաջ կու գան. Սիթէներու մէջ անկայուն քաղաքական վիճակ մը կը տիրէ. զանազան կուսակցութեանց մէջ բուռն հակառակութիւններ կը ծագին, եւ այլն: Այս կացութենէն կ'ազդուի նաեւ իմաստասիրական մտածումը: Պղատոնի …
Read More »ԱՐԻՍՏՈՏԷԼ Aristotle ( 384 -322 ) (11)
ԱՐԻՍՏՈՏԷԼ Aristotle ( 384 -322 ) (11) Կեանքը Ծնած է Թրակիոյ Սթակիր քաղաքին մէջ 384-ին: Սթակիր քաղաքը յոյն գաղութ մըն էր և Արիստոտել ալ յոյն մը: Հայրը՝ Նիկոմաքոս' բժիշկն էր Մակեդոնիոյ թագաւորին: Մայրը Խալքիս կղզիէն էր: Կանուխէն կորսնցուցած է հայրը: Արիստոտէլ 18 տարեկանին Աթէնք կ'երթայ եւ կ'աշակերտի Պղատոնի՝ Ակադեմիայի մէջ՝ …
Read More »ԲՈՒՆ ՍՈԿՐԱՏԵԱՆՆԵՐ (10)
ԲՈՒՆ ՍՈԿՐԱՏԵԱՆՆԵՐ (10) ՊՂԱՏՈՆ Plato ( 428 – 347 Ն. Ք. ) Պղատոն եղած է ոչ միայն յունական, այլ նաեւ բոլոր ժամանակներու մարդկութեան մեծագոյն խորհողներէն մէկը: Կը տեսնենք որ մինչեւ այսօր տակաւին իմաստասիրութիւնը անսպասելի կերպով մը իրեն կը դառնայ. օրինակ այսօրուան Գերմանական Երեւութաբանութիւնը (Phenomenology): Պղատոն մարդկային մտքին էական ըմբռնողութիւններէն մէկը …
Read More »ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ 19-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ
ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ 19-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ ԺԹ. դարը յատկանշուեցաւ գրական նոր շարժումով մը, որ ծնունդ տուաւ Հայկական արդի գրականութեան: Հայկական ազգային արուեստը նախորդ դարերուն գոյատեւած էր իր ամէնէն ժողովրդական ձեւերուն մէջ: Ժողովրդական բանաստեղծութիւնը եղած է նախ՝ ազգային գաղափարը պահող, ապա նաեւ անոր ծնունդ տուող ազդակ մը: Արուեստագէտներու եւ բանահաւաքներու նպաստը …
Read More »ՀՈՒԿՕ ՉԱՎԵԶ ՎԵՆԶՈՒԵԼԱՅԻ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ
Վենզուելան կը գտնուի հարաւային Ամերիկայի հիւսիսը, անոր տարածութիւնը մօտաւոր ինն հարիւ հազար Ք.Ք.Մ. է, բնակչոթեան թիւը՝ 27 միլիոն, մայրաքաղաքը՝ Քարաքաս, լեզուն՝ սպաներէն: Վենզուելան 1830-ին երեք դար սպանական բռնատիրութեան տակ մնալէ ետք իր անկախութեան կը տիրանայ: Վենզուելայի նախիճհ նախագահ՝ Հուկօ Չավեզ ծնած …
Read More »ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԻՏՔԸ ՄԻՋԻՆ ԴԱՐԵՐՈՒՆ
ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԻՏՔԸ ՄԻՋԻՆ ԴԱՐԵՐՈՒՆ Հայկական գիրերու գիւտէն (405) յետոյ 5-րդ դարու առաջին կիսուն ստեղծուած հայալեզու հարուստ գրականութիւնը (թարգմանական եւ ինքնուրոյն) կոչուած էր իմաստաւորել ազգի առջեւ ծառացած ազգային-քաղաքական խնդիրները՝ Սասանեան Պարսկաստանի կողմէ օրէ օր սաստկացող վտանգի պայմաններուն: Պարսից արքունիքի զաւթողականութեան իրականացումը գլխաւորապէս, կը խոչընդոտէին քրիստոնէական ուսմունքը (որ գաղափարախօսական …
Read More »ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԾՆՈՒՆԴԸ ԵՒ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՀՆՅ. ՇՄԱՒՈՆԵԱՆ
ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԾՆՈՒՆԴԸ ԵՒ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՀՆՅ. ՇՄԱՒՈՆԵԱՆ Եթէ տպագրութեան գիւտէն ընդամէնը քանի մը տասնամեակ ետք միայն ծնունդ առաւ հայ տպագրութիւնը, ապա պարագան նոյնը չեղաւ հայ պարբերական մամուլին, որ իր ծնունդով շատ աւելի ուշ մնաց՝ քան եւրոպական բազմաթիւ պետութիւններու եւ ժողովուրդներու մամուլը, բայց հակառակ այս փաստին, հայ մամուլը իր հնութեամբ …
Read More »ԿԻՍԱՍՈԿՐԱՏԵԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (9)
ԿԻՍԱՍՈԿՐԱՏԵԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (9) Անցնելէ առաջ Պղատոնին, պէտք է տեսնենք կարգ մը վարդապետութիւններ, զորս իմաստասիրութեան պատմութիւնը կը կոչէ Կիսասոկրատեան վարդապետութիւններ, այն պատճառով, որ անոնց ներկայացուցիչները ինքզինքնին սերած կը համարեն Սոկրատէն եւ Սոկրատի հմայքն ու հեղինակութիւնը կ’ուզեն իրենց վրայ ունենալ: Բայց ասոնք Սոկրատի մասնակի շարունակողներն են: Սոկրատի ուղղութիւնը իր ամբողջութեան եւ բուն …
Read More »ՍՈԿՐԱՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ (8)
ՍՈԿՐԱՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ Ա.ՍՈԿՐԱՏ Socrates Սոկրատ իր ժամանակի մարդոց համար Սոփեստ մըն էր, որ սակայն իր սորվեցուցածին համար դրամ չէր առներ. բայց զինք աղէկ ճանչցողներուն համար ան ոչ միայն չի շփոթուիր Սոփեստներուն հետ, այլ ընդհակառակը անոնց մեծագոյն հակառակորդը կը նկատուի: Զինք այդպէս տեսնողները եղած են իր աշակերտները, որոնցմէ ամէնէն մեծը՝ Պղատոն, …
Read More »
ԵԳ Երիտասարդական Գրասենեակ